2015-03-23 14:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը յանձնուած` Մահապատիժի դէմ միջազգային յանձնախումբին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 3 Մարտին, ընդունելով ‘'Մահապատիժի դէմ միջազգային յանձնախումբի'' պատուիրակութիւն մը, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց յանձնեց նամակ մը որուն մէջ քաջալերեց զանոնք շարունակելու իրենց յանձնառումը ի սպաս կեանքի սրբութեան պաշտպանութեան։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան` հայող կեանքին ու անոր սրբութեան պաշտպանութեան, սաղմէն մինչեւ մահ։

Մարդկային կեանքը սուրբ է անոր յղացումի առաջին վայրկեանէն ի վեր եւ այդ րոպէէն մարդը կ՛արժանանայ Աստուծոյ յատուկ սիրոյն։ Մարդկային կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ եւ ոչ մէկը, նոյնիսկ ոճրագործը, իր անձնական արժանիքը կը կորսնցնէ Աստուծոյ առջեւ։ Մահապատիժը անընդունելիի երեւոյթ մըն է այսօր։ Ան հեգնանք  մըն է կեանքի սրբութեան ու մարդու արժանապատուութեան դէմ եւ կը հակառակի Աստուծոյ ծրագրին ու Անոր ողորմած արդարութեան''։ Գրեց` ի մէջ այլոց Քահանայապետը իր նամակին մէջ­, որուն աւարտին վերակոչեց անցեալ 23 հոկտեմբերին արտասանած խօսքերը որով կը յայտնէր թէ մահապատիժը կը ժխտէ Աւետարանէն քարոզուած թշնամիներու հանդէպ սէրը։

''Բոլոր քրիստոնեաներն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը հրաւիրուած են պայքարելու մահապատիժի վերացումին համար, ըլլայ այդ օրինաւոր կամ անօրէն'' ըսած էր Քահանայապետը։

Սրբազան Հայրը հուսկ նամակը եզրափակեց մէջբերելով Աւետարանական հատուածներ ու յատկապէս Յիսուսի խօսքերը որով ''մեղաւոր կինը'' դատապարտող մարդոց ըսած էր` ''ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ'', զանոնք հրաւիրելով դիմելու իմաստութեան։   

։   








All the contents on this site are copyrighted ©.